2010-03-31 13:27:29

ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ։


ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ։

Աւագ երեքշաբթի, 30 մարտ 2010-ին, երեկոյեան ժամը 5։00-ին, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան Աւագ շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններուն սկզբնաւորութեան կատարուող Տասը կոյսերու յիշատակի ժամերգութեան։ Յիսուսի պատմած տասը կուսանաց առակէն առնելով իր իմաստը, սոյն ժամերգութիւնը կու գայ յիշեցնելու մարդկութեան Յիսուսի երկրորդ գալուստը եւ աշխարհի վախճանը։

Մինչ Աւետարանի ընթերցումը տեղի կ'ունենար լուսարարապետ սրբազանին կողմէ, տասը հայ աղջիկներ, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն եկեղեցական շապիկներ հագած մոմեր ի ձեռին, Մայր տաճարի դասին մէջ կանգնեցան։ Անոնցմէ հինգը իրենց բաժնուած թուղթին մէջ իմաստուն գրութիւնը կարդալով, վառ պահեցին իրենց մոմերը, իսկ անոնք, որոնք յիմար կարդացին, մարեցին զանոնք՝ խորհրդանշելով մարդկային ընկերութեան երկու խումբերը։ Իմաստունները, առակին մէջ յիշուած հինգ կոյսերուն նման՝ Տիրոջ գալուստը դիմաւորելու պատրաստ եղող մարդոց խումբը կը խորհրդանշէին, իսկ մնացեալները՝ անտարբեր մարդիկ, որոնք չեն հետաքրքրուած Աւետարանի բարոյական սկզբունքներով, եւ իրենց առօրեան կ'ապրին հեռու՝ քրիստոնէական կեանքի սկզբունքներէն։

Արարողութեան աւարտին, տասը կոյսերը Մայր տաճարի փոխլուսարարապետ Ստեփանոս աբղ Փաշայեանի առաջնորդութեամբ բարձրացան վեհարան, ուր Արամ Ա կաթողիկոս հայրական սիրով ընդունեց եւ յուշանուէրներ տալով օրհնեց զանոնք։

Այս առիթով վեհափառը գնահատեց հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն նկատմամբ անոնց հետաքրքրութիւնը եւ յորդորեց սիրել իրենց մայրենի եկեղեցին ու գործադրել աւետարանական պատգամները։








All the contents on this site are copyrighted ©.